2011-02-22 13:51:32

<<Ողորմութեան Եւ Կամաւոր Ծառայութեան 10րդ Համաշխարհային Օրերը>>


Սպանիայի Մուրչիա Քաղաքի մէջ 22 - 28 փետրուար 2011, տեղի կ՛ունենայ <<Ողորմութեան եւ Կամաւոր ծառայութեան 10րդ Համաշխարհային օրերու>> նշումը։ Հանդիպումին խորագիրն է <<Եւրոպա` երիտասարդութիւնը եւ զօրակցութիւնը>> մատնանշելու համար Պրիւքսէլի 2011 տարին << կամաւոր ծառայութեան Եւրոպական Տարի>> յայտարարելը , եւ Մատրիրի մէջ տեղի ունենալիք <<երիտասարդներու Համաշխարհային օրը>> յառաջիկայ 16-21 օգոստոս։
<<Ողորմութեան եւ Կամաւոր ծառայութեան 10րդ Համաշխարհային օրերու ներկայացումը կը կատարէ ՜՜Սուրբ Անտոն՝՝ի անուան Կաթողիկէ Համալսարանի նախագահը՝ Խօսէ Լուիս Մէնտոզա Բերեզ եւ Գարթաճէնայի եպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Խօսէ Մանուէլ Լորքա Փլանէս։
՜՜Ողորմութեան եւ Կամաւոր ծառայութեան 10րդ Համաշխարհային օրերը՝՝ կազմակերպած են Յովհաննէս Պողօս Բ. անուան համաշխարհային Ինստիտուտը եւ Սուրբ Անտոն Կաթողիկէ Համալսարանի կամաւորները ` հովանաւորութեամբ՝ Վատիկանի Գոր Ունում - Մէկ Սիրտ կոչուած քահանայապետական խորհուրդին ։ Հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Գոր Ունում խորհուրդի ենթաքարտուղարը գերապայծառ Սէկունտօ Թէյատօ Միւնոզ։
Ողորմութեան եւ Կամաւոր ծառայութեան 10րդ Համաշխարհային օրերու ընթացքին՝ պիտի խօսուի կեանքի ի նպաստ գործող կամաւորներու մասին ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան զոհերով զբաղող ընկերակցութիւններու մասին։
Ողորմութեան եւ Կամաւոր ծառայութեան օրերու եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ 28 փետրուարի երեկոյեան, համամիութենական աղօթքի հսկումի երեկոյթով որուն կը մասնակցին Կ. Պոլսոյ Էքիւմէնիք Պատրիարքութեան` Ռումանիոյ Օրթոտոքս Պատրիարքութեան` եւ Սերպիոյ Օրթոտոքս Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները։








All the contents on this site are copyrighted ©.